Personalized Bibles

Saturday, July 18, 2009

Armenian Evangelical Bethel Secondary School in Aleppo, Syria

Read More......

Tuesday, July 14, 2009

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ Հալէպի հայ երեք համայնքապետներուն, ուրբաթ, 19 յունիս 2009-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարիներու վաստակ ունեցող ու հայրենի փառքը վայելող Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի ԻԹ. (29) հատորին շնորհահանդէսը:

Օրուան բեմավարուհի Լոռիկ Զարիկեանի հրաւէրով Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց Շահան եպս. Սարգիսեանին, տէր Պետրոս արք. Միրիաթեանին, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Աշոտ Մանուկեանին, հոգեւոր հայրերուն, քահանայ հայրերուն, գրագէտներուն ու գրականութիւնը սիրող ու գնահատող ներկաներուն: Վերապատուելին նշեց, թէ այսօր բարեբաստիկ առիթ մըն է, երբ բոլորս համախմբուած ենք Հայկազեան համալսարանի «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի 29-րդ հատորի ներկայացման ու մատուցման:

Ան անդրադարձաւ, որ հետզհետէ աւելի մասնագիտական ընթացք ստացող կեանքը, տեղեկութիւն հայթայթող անսպառ աղբիւրները եւ գիտութեան յարատեւ զարգացումը հիմնական մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնեն մեզ, մեր հաւաքական կեանքը եւ քաղաքական բնագաւառները: Վերապատուելի Սելիմեան բնութագրեց այսօրուան աշխարհի զարգացած մարդը՝ ըսելով. «Այս աշխարհի զարգացած մարդը այն մարդն է, որ զինուած է այնպիսի հայեցողութեամբ, մտապատկերով եւ սկզբունքներով, որոնք դրսեւորուած են մտային դրուածքի մը մէջ եւ ո՛չ թէ անջատ իրողութիւններու վրայ` ամբարուած գիտելիքներու շտեմարանի մը նման. այլ խօսքով՝ անհրաժեշտ է վերլուծող միտքը` փոխան կրաւորական կերպով իւրացնող մտքին, քննարկողն ու արժեւորողը, հարցնողն ու հետազօտողը, փոխան կուրօրէն ընկալող ու հետեւող մտքին»: Վերապատուելին անդրադարձաւ այսօրուան մամուլի տխուր իրականութեան, «ուր խօսք չկայ նոր հանգրուաններ նուաճող մեր արդի մտքի ու մտածողութեան մասին: Հետեւաբար արդի միտքն ու մտածողութիւնը գիրքն ու գրականութիւնն են, որ պիտի յառաջացնեն մեր մէջ: «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ը իր արդի չափանիշներով, հայկական տեսանկիւնէն դիտուած համալսարանի կարեւորագոյն իրագործումն է, որ ուսանելի հանգամանք կը շնորհէ ե՛ւ պիտի շնորհէ մեզի»: Վերապատուելին իր խօսքի աւարտին փոխանցեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի ողջոյնները:



Գեղարուեստական յայտագրով իրենց մասնակցութիւնը բերին` Մարի Արապաճեան եւ Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեան: Մարի Արապաճեանի քաղցրահունչ ձայնով եւ Շողակաթ Սելիմեանի բացառիկ մեկնութեամբ պարբերաբար ներկաներուն ներկայացուեցան Կոմիտասէն՝ «Էրւում եմ», «Անձրեւն եկաւ», «Երկինքն ամպել ա», «Շողեր ջան», «Հով արէք»:

Սահիկներու ընկերակցութեամբ Լիբանանէն ժամանած «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի խմբագրական կազմէն Անդրանիկ Տագէսեան եւ Արմէն Իւրնէշլեան ներկայացուցին Հայկազեան համալսարանը՝ անցեալէն մինչեւ այսօր: Համալսարանի գործնական ծրագիրները, շինարարական կառոյցի զարգացումը, ուսանողական եւ դասախօսական կազմը, հիմնադրման շրջանէն առ այսօր: Արմէն Իւրնէշլեան մատնանշեց, որ համալսարանը ունի երկու գրադարան, անոնցմէ մէկը՝ Տէրեան գրադարանը, յատկացուած է հայագիտական ուսումնական ծրագիրներու իրագործման:

Հատորին մատուցումը կատարեց բանասէր, թարգմանիչ, Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական ամպիոնի դասախօս եւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի աշխատակից Միհրան Մինասեան: Նախ բարի գալուստի մաղթանքներով շնորհակալութիւն յայտնեց հանդէսի խմբագրական կազմին, ապա նկարագրեց 484 էջերէ բաղկացած ստուար հատորին բովանդակութիւնը իր բոլոր բաժիններով, որմէ ետք ներկայացուց հատորին 20 յօդուածները, անոնց բովանդակութիւնը եւ յօդուածագիրները (սփիւռքահայ եւ հայրենի), հպանցիկ, սակայն ամբողջական մատուցումով: Ան շեշտեց, թէ ինչպէս կը կազմակերպուին շնորհահանդէսներ Պէյրութի, ապա հայրենիքի մէջ (Երեւան եւ այլուր), նոյնպէս փափաքելի է, որ շնորհահանդէսներ հերթական կերպով տեղի ունենան Հալէպի մէջ եւս: Եզակի եւ գեղեցիկ ներկայացուած զեկոյցը երկու կացութիւն ստեղծեց ներկաներուն առջեւ: Մատուցումը բաւարարութիւն ներշնչեց եւ կարդալու կարիք չկար եւ կամ հակառակը՝ նիւթերու հետաքրքրական մատուցումը կարդալու անհրաժեշտութիւն ստեղծեց իւրաքանչիւրին մտքին մէջ:

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի պատասխանատու խմբագիր հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան երեկոն անուանեց արժեւորումի եւ գնահատանքի երեկոյ: Վարդապետ Կռանեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Միհրան Մինասեանին, հովանաւորող միութեան, գնահատելով հանդէսի խմբագրական կազմը, բոլոր աշխատակիցները եւ Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութիւնն ու պատասխանատու մարմինները: Յատկանշական ու դիպուկ էին վարդապետին ուղղած խօսքին վերջին նախադասութիւնները. «Շարունակեցէ՛ք գնահատել հայութիւնը, շարունակեցէ՛ք գնահատել հայ մշակոյթը, աժան ժողովուրդի զաւակ չենք, մեր գինը սուղ է, աժան մի՛ ծախէք զայն եւ ձեր զաւակները հայ մեծցուցէ՛ք»:

Ապա օրուան բեմավարուհիին հրաւէրով սրտի խօսք փոխանցեց Շահան եպս. Սարգիսեան: Ան ըսաւ. «Հայկազեան համալսարանը սփիւռքահայ կեանքին մէջ միակ հայկական համալսարանն է, հայօրէն, հայկականութեամբ լեցուն իր մեկնակէտով, իր սկզբնաւորութեամբ եւ գործունէութեամբ: Իր կեցուածքով կ՚ամրագրէ սփիւռքի մէջ հայօրէն ապրելու անհրաժեշտութիւնը»: Սրբազան հօր փափաքն էր գործակցութիւն ստեղծել Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական ամպիոնի եւ Հայկազեան համալսարանի միջեւ: Ան աւելցուց՝ ըսելով, թէ՝ «Հայրենագիտութիւնը դառնայ մեր ժողովուրդին սեփականութիւնը, քանզի հայագիտութիւնը գիտութիւն է հայութեան մասին ե՛ւ հայութեան պահանջատիրութեան ու իրաւունքներու վերատիրացման ի խնդիր դրուած մարտահրաւէր մըն է՝ բոլորիս ուղղուած: Այդ մարտահրաւէրը վերցուցած է Հայկազեան համալսարանի հանդէսը իր 29 երեւումներով»: Սրբազան հայրը խօսքը աւարտեց՝ ըսելով. «Շնորհաւոր ըլլայ բոլորիս, այս շնորհահանդէսը, որուն շնորհը տարածուի ո՛չ միայն այստեղ ներկաներուն, այլ՝ բոլոր մեր ժողովուրդին»:

Ձեռնարկի աւարտին բեմավարուհին հրաւիրեց հայ երեք համայնքապետները, հիւպատոսը եւ վարդապետ Կռանեանը, հատելու «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի 29-րդ հատորի հրատարակման առթիւ շնորհահանդէսի կարկանդակը:

Պատուական հովանաւորութիւն, հանդէսի պատուաբեր նկարագրութիւն ու մաղթանքներ, գրասէր ներկայութիւն, ուստի՝ պատուաբեր երեկոյ: Խորհրդանշական էր վերապատուելիին արտայայտութիւնը, իսկապէս այս երեկոն թող ըլլայ լուսաւորութեան, ինքնաճանաչումի, մեր ազգային ինքնութիւնը կերտող նոր հայեցակէտի մը սկզբնաւորութիւնը:

ԱԶՆԻՒ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ-ԱՐԱՊԱՃԵԱՆ

Ազդակ

Read More......

Monday, July 13, 2009

For the First Time: Sunday Services-Քարոզի Պաշտամունքներ, in Mrouj village in the mountains

At last! For the first time, this Summer, and after praying for this vision that was held dear in the hearts of dedicated members, through God's blessings, and organized by the Armenian Evangelical Emmanuel Church, Sunday Services will also be held in the Evangelical Church of Mrouj, in the mountains, where lots of members spend their Summer.

The services will start at 10:30am, and they will begin starting from Sunday 19 July - 27 September, 2009.

This is a great opportunity to all those who are spending their Summer in the mountains to come together to worship our Lord and enjoy the fellowship of dear friends, colleagues and brothers/sisters in Christ.

Read More......

Kchag Café, where you can enjoy your Summer

KCHAG CAFE is BACK!

The Armenian Evangelical Summer Camp Center - Քրիստոնէական Ջանից Ամառնային Կեդրոն - will hold its Sunday Nights, starting on Sunday, 19 July, at 6:00pm.

Everyone is Welcome to enjoy the cooler weather, and have fellowship and enjoy the food with all of us together.

Invite your friends and bring them with you!

Thanks to the Kchag Committee

PREPARE FOR SURPRISES THIS YEAR!

Read More......

Armenian Evangelical Emmanuel Church is Organizing a Family Retreat in July

Read More......

Sunday, July 12, 2009

Kchag, by Betty Ketchejian



Photo shoot and creation by Ms. Betty Ketchejian,
Armenian Evangelical Ashrafieh Church Chanitzagan

Read More......

Kchag Café, where you can enjoy your Summer

KCHAG CAFE is BACK!

The Armenian Evangelical Summer Camp Center - Քրիստոնէական Ջանից Ամառնային Կեդրոն - will hold its Sunday Nights, starting on Sunday, 19 July, at 6:00pm.

Everyone is Welcome to enjoy the cooler weather, and have fellowship and enjoy the food with all of us together.

Invite your friends and bring them with you!

Thanks to the Kchag Committee

PREPARE FOR SURPRISES THIS YEAR!

Read More......

Cooperation vs. Competition - Rethinking Youth Sports

Christian leaders use every opportunity to remind us that we as Christians should be cooperating together instead of competing so that the world would know that we are Jesus’ disciples. Hence, I ask you: how can we promote this indispensable concept in our daily lives?

One of the effective ways to encouraging cooperation is to adopt activities and sports games where the word ‘cooperation’ is the name of the game.

Whenever Christian youth groups come together to play against each other, I sense that antagonism among the teams rises and each cheering group starts “bashing” the other. I’ve participated and watched hundreds of competitions in my life and I believe this aggressive mood is always the case during such events. The reason is charmingly simple: in order for a soccer team to win the first prize, it should defeat its opponents at any cost, using any means possible. There can be one winner and many losers, and losers go home feeling low with a grudge in their hearts.

So I say to myself, why do Christian groups encourage such sports where “defeat” is the name of the game? Because of fierce competitions, some Christian players get so focused on winning that they even perform unsportsmanlike-like acts against their Christian friends or use foul language or psychological pressure and even choose to lie on the field for the sake of becoming the undefeated winner.

After a long and tiring sports day and when all cheers have subsided, I used to go home with a gloomy spirit thinking whether we – as Christians – accomplished anything good on that day. I felt that instead of bringing the youth together, such events pushed the youth away from each other and placed them in rivalry camps.

The spring of 2008 I had the chance to attend Leaders Training organized by World Vision. The topics ranged from organizing camps to reaching out to troubled youth. However, there was one topic that was completely avant-garde to me. The name of the class was "Cooperative Games." I couldn’t believe that someone had already thought of this idea before. The enthusiastic speaker introduced the exciting idea of cooperative games and explained with great vigor that idea behind it was to invent games where everyone was part of the main team and all participants had to work together to accomplish a specific mission.

On the competition field the Machiavellian philosophy of the end justifying the means is extremely difficult to ignore. Sometimes I wonder whether I am the only person who feels such enmity and jealousy among our own Christian youth groups during competitions. If we all recognize the antagonistic mood, why do we go on organizing such sports events? Isn't it time that we invented sports and activities where the name of the game is cooperation instead of competition, fellowship instead of unfriendliness, bonding instead of dislike?

ManoChil

Read More......