Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանի Երազ թատերախումբը ներկայացուց «Կախարդական Բառը»

Փետրուար 23 եւ 24, 2012-ին Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանի Երազ թատերախումբը ներկայացուց «Կախարդական Բառը» Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ: Բեմադրիչը՝ Ռոպերթ Առաքելեան միահիւսած էր թատրոնին մէջ երգն ու պարը արտայայտելու գլխաւոր պատգամը, թէ մեր ներքին աշխարհը կ'արտացոլայ մեր գործած բառերով: Այս պարագային «բառ»ը «Հաճիս»ն էր: