Sunday, May 17, 2009

ՀԱՅԵՐԷՆ ՏԱՌԵՐՈՎ ՆԱՄԱԿ ԳՐԷ‏

Հաճելի էր Սուրիա բնակող բարեկամի մը հետ ե-նամակով հաղորդակցիլ՝ հայերէն տառերով:

Պէտք է խոստովանիմ, որ սկիզբը բաւական դժուար էր համացանցին վրայ հայերէնով արտայայտուիլը: Սակայն քանի մը անգամ նամակցելէ ետք, գործս աւելի դիւրացաւ եւ հայերէն տառեր գործածելը բնական դարձաւ:

Սկիզբը տարօրինակ կը թուի ըլլալ, որովհետեւ ընդհանրապէս մենք աւելի վարժ ենք անգլերէնով, ֆրանսերէնով կամ արաբերէնով գրելու: Երկրորդական վարժարան աւարտող երիտասարդները առ հասարակ կը դադրին հայերէնով գրելէ, թէեւ հայերէն խօսիլը երբեք չեն դադրեցներ:
Խորքին մէջ գոյութիւն ունի կարեւոր հարց մը, որուն լուծումը, երբ գտնուի, շատ աւելի պիտի դիւրացնէ հայերէն տառերու գործածութիւնը համացանցի վրայ: Այս հարցը հայերէն ուղղագրութեան բառարան-սրբագրիչի մը չգոյութիւնն է, որ, երբ ըլլայ, գրելու աշխատանքը աւելի հեզասահ պիտի դարձնէ: Այսպիսի բառարան-սրբագրիչ մը արդէն իսկ կը գործածուի անգլերէն, ֆրանսերէն կամ այլ լեզուներու համար: Իմ կարծիքովս, այս բառարան-սրբագրիչը խիստ կարեւոր է հայերէն գրելու եւ հայերէնը քաջալերելու: Անձնապէս տակաւին չեմ հանդիպած որեւէ մէկ տեսակի բառարան-սրբագրիչի մը, ըլլայ այդ համակարգիչի գործածութեան համար կամ համացանցի վրայ:

Իրականութեան մէջ, ապագան փայլուն կ՚երեւի: Հինգ տարիներ առաջ կարելիութիւնը չունէինք հայերէն գրելու՝ առանց տառատեսակ մը զետեղելու համակարգիչին մէջ, օրինակ՝ «Արասան» տառատեսակը կամ «Արարատ» տառատեսակը: Այսօր, Ուինտոզ XP-ն կամ Ուինտոզ Vista-ն ոչ միայն հայերէն տառերը կ՚աւելցնէ անգլերէնի եւ արաբերէնի կողքին, այլ կարելիութիւնը կու տայ ընտրելու արեւմտահայերէն կամ արեւելահայերէն շարուածքը: Ասոր մասին կրնաս աւելի կարդալ հետեւեալ հասցէն այցելելով՝ http://www.chanitz.org/2007/12/how-to-write-in-armenian-unicode.html:

Կը կարծեմ որ շատ մօտիկ ապագային, ստեղծագործ մը պիտի ստեղծէ այս բառարան-սրբագրիչը, որուն պատճառով ան մեծ հռչակ պիտի շահի եւ իր անունը պիտի յիշուի երկար տարիներու վրայ:

Այժմ, հետեւեալ կէտերուն մէջ թուղթին կը յանձնեմ առաջարկներս, որոնք պիտի քաջալերեն հայերէնով նամակցելու:

1. Մօտդ ունեցիր հայերէն բառարան մը:
Գիտե՞ս՝ որքա՜ն բառեր պիտի սորվիս, ինչպէս նաեւ պիտի վարժուիս հայերէն բառերուն ուղղագրութեան:

2. Հայերէնէ-անգլերէն եւ անգլերէնէ-հայերէն բառարան մը ունենալը կ՚օգնէ: Ասիկա օգտակար ձեւ մըն է հայերէն նոր բառեր սորվելու՝ եթէ հմուտ ես եւ կամ կը սիրես անգլերէն կամ ֆրանսերէն լեզուն:

3. Հանգիստ զգայ, երբ հայերէն կը գրես: Սկսելու համար, ինքզինքդ արտայայտէ այնպէս, ինչպէս որ կը խօսիս: Ետքը կամաց- կամաց հանգիստ պիտի զգաս, մէկէ աւելի նամակներ գրելէն ետք: Ժամանակի ընթացքին դուն ուրիշներուն գործածած նոր բառերը պիտի սորվիս, պիտի սրբագրես
քու սխալներդ եւ պիտի հարստանայ բառապաշարդ:

4. Երբ կը նամակցիս, մի՛ սրբագրեր քու բարեկամիդ գրած հայերէնը: Քաջալերէ զինք, որ հայերէն տառերով նամակ մը կը գրէ քեզի: Զարտուղի եւ դժուար պիտի թուի սկիզբը, բայց յարատեւէ ու մի՛ տկարանար: Առաջին առիթով բարեկամդ մի՛ սրբագրեր, որովհետեւ այդ քու մօտեցումդ պիտի չօգնէ, որ ան հանգիստ զգայ: Ընդհակառա՛կը, ան շատ հաւանաբար ժխտական անդրադարձ պիտի ունենայ եւ պահպանողական դիրք պիտի որդեգրէ ու դադրեցնէ հայերէն տառերով գրելը:

Ես այժմ ձեզի կը գրեմ համակարգիչիս վրայ՝ գործածելով Ուինտոզ XP-ի unicode հայերէնը: Այս մասին կրնաս աւելի կարդալ հետեւեալ հասցէն այցելելով՝ http://www.chanitz.org/2007/12/how-to-write-in-armenian-unicode.html :
Կը բաւէ հայերէն գրես՝ լատիներէն տառերով: Ժամանակն է, որ հայերէն գրես՝ հայերէն տառերը գործածելով:

ՐԱՖՖԻ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

4 comments:

Շուշան said...

Հայերէն բառերու իմաստը գիտնալու կամ ուղղագրութիւնը ստուգելու համար, կրնաք նաեւ հետեւեալ կայքէջը գործածել: http://www.nayiri.com/

Raffi said...

Շատ շնորհակալ եմ Շուշան որ յիշեցուցիր ինծի այս կայքէջը: Նկատեցի որ վերափոխուած է եւ արդէն գործածութեան վիճակի մէջ է: Շատ կը նմանի yamli.com-ին, որ արաբերէնի լեզուին համար է:

Երանի թէ այս կայքէջը որդեգրուի google-ի կողմէ եւ Firefox/Explorer-ի կողմէ, որպէսզի հիմա մինչ կը գրեմ, եթէ սխալ բառեր գրեցի, ցոյց տայ սխալներս որ սրբագրեմ ու սորվիմ սխալներէս:

Վագօ Նիքոլեան said...

nayiri.com կայքէջը շինած է Սերուծ Ուրիշեանը, յուսամ կրնայ Ռաֆֆիին առաջարկածը կատարել Google-ին հետ:

Վեր. Ներսէս Պոյաճեան said...

Այժմ սկսած եմ Հայերէն բառեր հաւաքել, ստուգիչ/սրբագրիչ սարքելու համար։ Շատ հետաքրքրական ծրագիր մը կայ, որ, որքան որ կը հասկնամ Մակինտոշի համար է, ուր կը զետեղուի Systemին մէջ, եւ այսպէս ո՛րեւէ ծրագիր կրնայ գործածել զայն։ Ուստի, ո՛վ որ հետաքրքրուած է օգտակար դառնալու ինծի, թող ղրկէ ինծի իր հաւաքած բառամթերքը, որպէսզի աւելցնեմ ցանկիս։


Իսկ բառեր հաւաքելու դիւրին ձեւն է հետեւեալ կերպը. երբ կը սկսիք գրել Հայերէնով, ցանկի վերածեցէք ամբողջ գրութիւնը (word list), եւ ինծի ղրկեցէք։ իմ ծրագիրը (Nisus Writer Pro [www.nisus.com] Հայերէն այբուբենի շարքին կը վերածէ, ուր կրնամ տեսնել կրկնութիւնները։ Անգամ մը որ հասնի որոշ թիւի մը, իւրաքանչիւր բառ իր քերականական փոփոխութիւններու պիտի ենթարկեմ (օր. խոնարհում, եզակի, յոգնակի, գլխագիր, փոքրագիր, եւյլն.), եւ ապա մայր ցանկ մը պիտի սարքեմ ու Aspellին մէջ զետեղեմ։ Հայաստանէն երիտասարդ մը սկսած է այս ծրագիրը, սակայն ահաւոր ու սոսկալի Աբեղեանական ուղղագրութիւնը կը գործածէ։ Համոզեցի զինք, որ հրաժարի այս խեղկատակութենէն, ուստի ինծի ղրկեց իր ցանկը, որպէսզի սրբագրեմ։ Ահաւոր աշխատանք, ուղղագրութեան ստուգիչ ըլլալու բու՛ն նպատակին հակառակ, աւելի նկատելու ենք խեղագրութեան ստուգիչ։ Յամենայնդէպս, ո՛վ որ կ՚ուզէ մասնակցիլ բառամթերք հաւաքելու գործիս, թող ազատ զգայ ինծի ղրկելու Դասական ուղղագրութեամբ եւ Unicode Հայերէն տառատեսակով մեքենագրուած բառեր ուղղարկել ինծի .rtf վերջածանց ունեցող documentով (եւ ո՛չ թէ .doc)։ Այս Aspellը կը զետեղուի operating systemին մէջ եւ ո՛րեւէ ծրագիրով կարելի է գործածել, նոյնիսկ եմակներու ծրագրին մէջ, եւ մինչ կը մեքենագրես՝ եթէ սխալ է (Հայերէնը) տակէն գիծ մը կը քաշէ, ճիշտ ինչպէս որ Անգլերէնի պարագային է։ Եմակիս (email) հասցէն հետեւեալն է. info@windsorpro.com

Post a Comment

1) Your comment represents your own opinion.

Related Posts with Thumbnails